Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալէն Պերսէն։
Ողջունելով Ալէն Պերսէի այցը՝ վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է Եւրոպայի Խորհուրդի հետ համագործակցութիւնը՝ կարեւորելով անոր դերը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման գործընթացներուն մէջ։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ-ին՝ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու շարունակական աջակցութեան համար։
Գլխաւոր քարտուղար Ալէն Պերսէն, իր հերթին, վերահաստատած է Եւրոպայի Խորհուրդին պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան հետ եւ օժանդակելու ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն։ Ան նաեւ շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը առ այն, որ 2026 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը եւ COP-17-ը՝ զայն որակելով որպէս Հայաստանի աճող միջազգային հեղինակութեան վկայութիւն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպայի Խորհուրդ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ոլորտներուն մէջ համատեղ ծրագրերու ընդլայնման հեռանկարներ։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու եւ կայունութեան ապահովման վերաբերեալ։