Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պաքուի Մտահոգութիւնները Հիմնաւոր Են՝ Կապուած Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութեան Գործունէութեան Հետ». Զախարովա

«Պաքուի Մտահոգութիւնները Հիմնաւոր Են՝ Կապուած Հայաստանի Մէջ ԵՄ Առաքելութեան Գործունէութեան Հետ». Զախարովա

by MassisPost

Մոսկուան տեղեակ է Պաքուի մտահոգութիւններէն, ընդ որում՝ «արդարացուած» մտահոգութիւններէն՝ կապված Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան գործունէութեան հետ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Լաւ յայտնի է, թէ ինչով զբաղուած են, այսպէս կոչուած, առաքելութեան աշխատակիցները։ Անոնք կը լրտեսեն Հայաստանի հարեւան երկիրներուն։ Ի հարկէ, անոնք հաշուետու չեն Երեւանին եւ չեն նպաստեր տարածաշրջանին մէջ որեւէ կայունութեան»,- նշած է ան։

Զախարովա նաեւ ըսած է, որ Երեւանէն որեւէ ազդանշան չէ ստացուած Հայաստանէն ռուսական ռազմակեդրոնի դուրսբերման վերաբերեալ։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակեդրոնին, մենք Երեւանէն որեւէ ազդանշան չենք ստացած անոր հնարաւոր դուրսբերման վերաբերեալ։ Հայաստանի պաշտօնատար անձեր կը հաստատեն, ընդ որում՝ հրապարակայնօրէն, որ նման հարց օրակարգին վրայ չկայ», – յաւելած է ան։

Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչին խօսքով՝ ռազմակեդրոնի տեղակայումը եւ շահագործումը կը կարգաւորուի Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ համապատասխան երկկողմ փաստաթուղթերով։

«Այս հարցը երբեք ոեւէ մէկուն կողմէ չէ բարձրացուած Ատրպէյճանի հետ մեր փոխգործակցութեան ծիրին մէջ»,- եզրափակած է Զախարովա։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment