Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան»-ը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

«Հայաստան»-ը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

by MassisPost

«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները հանդիպում ունեցած են եւ, ըստ էութեան, կողմերը հանգուցալուծման չեն եկած վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու հարցին հետ կապուած:

Դեռ քննարկման ընթացքին «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց իրենց վեց պատգամաւորներուն ստորագրութիւնները՝ ակնյայտօրէն ակնարկելով, որ ընդդիմադիր ամենամեծ՝ «Հայաստան» խմբակցութիւնը դեռ չէ ստորագրած այդ ձեւաթուղթին տակ:

«Հայաստան»-էն Իշխան Սաղաթէլեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ, որ իրենք պատրաստ են 28 ստորագրութիւն տալու, եթէ յայտարարութենէն բացի, զուգահեռ փողոցային պայքար սկսին: Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի՝ իրենց համար անորոշ է, թէ երբ պիտի սկսի այդ գործընթացը:

«Պէտք է ջանքերը կեդրոնացնել եւ իրօք փորձել համապատասխան ստորագրութիւններն ունենալ, որ այս գործընթացը տարուի յառաջ: Եթէ բոլորի հասկացողութիւնը սա է, մենք պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ քայլել», – նշեց ան:

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խմբակիցները կ’առաջարկն վարչապետ Փաշինեանը փոխարինել Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանով: Զայն առաջադրած են վարչապետի թեկնածու:

«Հայաստան» դաշինքը առարկութիւն չունի «Պատիւ Ունեմ»-ի թեկնածուին վերաբերեալ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment