Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանը Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Կը Ճանչնայ Որպէս Ատրպէյճանի Տարածք. Զախարովա

Ռուսաստանը Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Կը Ճանչնայ Որպէս Ատրպէյճանի Տարածք. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանը Ղարաբաղը պաշտօնապէս կը ճանչնայ որպէս Ատրպէյճանի տարածք:

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան բողոքական յայտարարութեան:

«Պէտք չէ բնագրէն կտրել գոյութիւն չունեցող թեզերը եւ բառերուն տեղերը փոխել՝ անոնց բոլորովին այլ նշանակութիւն տալով»,- դժգոհած Է Զախարովան:

Աւելի վաղ, Ռուսաստանի նախագահի օգնական, Քիեւի հետ բանակցութիւններուն մէջ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ ռազմաճակատի հարցով ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը կրնայ ստեղծել այնպիսի իրավիճակ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Եթէ խաղաղութեան մասին հիմա չպայմանաւորուինք, այլ պարզապէս կնքենք ինչ-որ զինադադար, ապա այդ տարածաշրջանը պիտի վերածուի հսկայական Ղարաբաղի։ Որոշ ժամանակ անց Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի հետ միասին պիտի փորձէ նուաճել զայն, եւ այդ պիտի ըլլայ մոլորակին վերջը, այդ պիտի ըլլայ միջուկային պատերազմ: Մենք չենք ուզեր, որ ստեղծուի նոր չճանչցուած Ղարաբաղ, որ պատճառ պիտի դառնայ միջուկային պատերազմի համար»,- ըսած է Մետինսքին: Ան իր խօսքին մէջ ԼՂ-ն անուանած է վիճելի տարածք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն դժգոհ մնացած է Մետինսքիի խօսքերէն եւ արձագանգած է յայտարարութեան՝ նշելով, թէ այն կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը: Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն յիշեցուցած են, որ Ռուսաստանը ճանչցած է եւ կը շարունակէ ճանչնալ ԼՂ-ն որպէս Ատրպէյճանի մաս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment