Ֆրանսայի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Լաթիֆ Ճամալ Ռաշիտի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Իրաք երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր։ Երկուստեք ընդգծուած է հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացման եւ փոխադարձ շահագրգռուածութեան հիման վրայ կառուցուող քաղաքական երկխօսութեան ու գործնական համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, խաղաղութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերուն՝ ընդգծելով արդիւնաւէտ գործընկերութեան եւ փոխվստահութեան ձեւաւորման կարեւորութիւնը։
Կողմերը կարեւորած են երկկողմ տնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնումը՝ յատկապէս առեւտուրի, ներդրումներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ։ Այս առումով ընդգծուած է Երեւան-Պաղտատ ուղիղ թռիչքներու ներդրման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս քաղաքական, տնտեսական եւ զբօսաշրջային կապերու խթանման կարեւոր գործիք։
Նախագահները անդրադարձած են նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովներու աշխատանքներու աշխուժացման հնարաւորութիւններուն՝ նպատակ ունենալով խորացնել ոլորտային համագործակցութիւնը եւ ձեւաւորել նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման գործնական հիմքեր։
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ 2026 թուականին Հայաստանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի COP-17 համաժողովի կազմակերպչական եւ բովանդակային հարցերը՝ կարեւորուած է համաշխարհային հիմնախնդիրներու լուծման հարցով նման միջոցառումներու կայացումը։