Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Խափանած Է «Զանգեզուրի Միջանցքը» Ստեղծելու Փորձը. Խամինէիի Օգնական

Իրան Խափանած Է «Զանգեզուրի Միջանցքը» Ստեղծելու Փորձը. Խամինէիի Օգնական

by MassisPost

Իրանը կանխած է «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծումը, ինչ որ, ըստ պաշտօնական Թեհրանի, կրնար յանգեցնել դէպի Եւրոպա իրանեան ճանապարհի արգելափակման։

Ինչպէս կը հաղորդէ Tasnim գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Ուելայաթին։

Անոր խօսքով՝ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող Հայաստանի տարածքով միջանցքի նախագիծը «տարածաշրջանը մասնատելու» փորձ էր եւ նպատակ ունէր Իրանը դուրս մղել Հարաւային Կովկասի ճանապարհային եւ աշխարհաքաղաքական կառուցուածքներէն։

«Երբ որոշ երկիրներ ուզեցին մեզ կտրել Եւրոպայէն միջանցք ստեղծելու պատրուակով, Իրան վճռականօրէն դէմ արտայայտուեցաւ այդ ծրագրին եւ խափանեց անոր իրականացումը», ընդգծած է Ուելայաթին։

Ան յաւելած է, որ նոյնիսկ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն խոստովանած է, որ միջանցքը գրեթէ պատրաստ է գործարկման, սակայն Իրանի վճռական գործողութիւնները խանգարած են նախագիծին աւարտը։

Ըստ Ուելայաթիին՝ Իրանի հմուտ եւ ռազմավարական ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ոչ միայն ազգային շահերու պաշտպանութիւն է, այլեւ ամուր պատնէշ տարածաշրջանի գործերուն արտաքին ուժերի միջամտութեան դէմ։

Ուելայաթի նշած է, որ Իրան յաջողած է պաշտպանել իր շահերը առանց Ռուսաստանի օգնութեան՝ օգտագործելով «խելամիտ դիւանագիտութիւն», այդպիսով կանխել ՆԱԹՕ-ի ներթափանցումը տարածաշրջան։ Ան ընդգծած է, որ նախագիծի իրական նպատակը ոչ միայն Իրանը դուրս մղելն էր, այլեւ հարաւէն Ռուսաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն շրջապատելը, եւ այս ծրագիրը նոյնպէս ձախողած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment