Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը այսօր կրկին հարցաքննուած է Քննչական Կոմիտէին մէջ:
Շահրամանեանը կը հարցաքննուի վկայի կարգավիճակով: Իրաւապահները, սակայն, դեռ մանրամասնութիւներ չեն յայտներ:
Վերջին շաբաթներուն Շահրամանեանը վեցերորդ անգամ ըլլալով հարցաքննութեան կանչած են:
Ինչպէս նախորդ օրերուն, այսօր եւս ան Քննչական կանչուած էր 2023-ի ատրպէյճանական յարձակման ժամանակ պաշտօնի անփութութեան ու զէնք-զինամթերքը հակառակորդին յանձնելու գործով: Վարոյթը յարուցուած է Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանի հաղորդման հիման վրայ:
Քննչական Կոմիտէի բակին մէջ «Ազատութեան» որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է անոր փաստաբան Ռոման Երիցեանը: