Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճանաչողական Այցով Հայաստան Կը Գտնուի Հնդկաստանի Ազգային Պաշտպանական Քոլեճի Պատուիրակութիւնը

Ճանաչողական Այցով Հայաստան Կը Գտնուի Հնդկաստանի Ազգային Պաշտպանական Քոլեճի Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Յունիս 9-13 ճանաչողական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի գտնուի Հնդկաստանի ազգային պաշտպանական քոլեճի պատուիրակութիւնը զօրավար-մայոր Սամարթ Նակարի գլխաւորութեամբ:

Յունիս 9-ին Պաշտպանութեան նախարրութեան վարչական համալիրին մէջ պատուիրակութիւնը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը: Ան քոլեճի պատուիրակութեան ներկայացուցած է ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment