Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Առաջին Նախագահը Այցելած Է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Եւ Առանձնազրոյց Ունեցած Է Գարեգին Բ.-ի Հետ

ՀՀ Առաջին Նախագահը Այցելած Է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Եւ Առանձնազրոյց Ունեցած Է Գարեգին Բ.-ի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պտրոսյեան այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ առանձնազրոյց ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։

Այս հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետին ու իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» կողմէ ամէնաօրեայ դրութեամբ աւելի քան մէկ շաբաթէ կաթողիկոսին ու Եկեղեցւոյ միւս բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ շարունակուող արշաւին ու վիրաւորական բառապաշարով ուղեկցուող քննադատութեան լոյսին տակ: Նիկոլ Փաշինեան կասկածի տակ կը դնէ հոգեւոր այրերուն, այդ շարքին՝ Գարեգին Բ.-ի հաւատարմութիւնը կուսակրօնութեան ուխտին, նոյնիսկ կը պնդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան հարցով։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, ըստ Մայր Աթոռին, կաթողիկոսին հետ զրոյցին ընթացքին իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է Վեհափառ Հայրապետին, միաժամանակ խստիւ դատապարտած է Հայոց 1700-ամեայ եկեղեցւոյ նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն հակասահմանադրական ոտնձգութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment