Գարեգին Բ. այլեւս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս չէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար, Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է ազատէ Վեհարանը. Վեհափառին ուղղուած՝ «զաւակ ունի՞ք» անպատասխան հարումէն յետոյ Փաշինեան անոր կը դիմէ աշխարհիկ անուն-մականունով.
«Գարեգին Բ. խախտել է իր իսկ կողմից կամաւորութեամբ ստանձնած կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի: Սա փաստ է, եւ եթէ Գարեգին Բ. փորձի հերքել, անհրաժեշտ ձեւաչափով դա կ’ապացուցեմ: Ըստ այսմ, համաձայն Հայ Առաքելական Եկեղեցու Կանոնագրքի, Գարեգին Բ-ն չէր կարող լինել եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, չէր կարող ընտրուել եւ չի կարող լինել Կաթողիկոս: Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է ազատի Վեհարանը»:
Նիկոլ Փաշինեանը 11-րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ հակակաթողիկոսական արշաւը,
այժմ արդէն յստակ պնդմամբ՝ եկեղեցին պէտք է ունենայ նոր կաթողիկոս, որուն բարեվարքութիւնը ստուգուած պիտի ըլլայ ընտրութիւններէն առաջ: Անոր հասնելու համար վարչապետը կոչ կ’ընէ հաւատաւորներուն.
«Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու հաւատաւոր հետեւորդներին կոչ եմ անում համախմբուել Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրելու օրակարգի շուրջ»:
Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու քայլեր Փաշինեանը դեռ չէ շարադրած, չէ պատմած նաեւ, թէ ի՞նչ ճանապարհով իրեն յայտնի դարձած է, թէ կաթողիկոսը զաւակ ունի: