Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Կործանիչներու Ձեռքբերման Մեծ Գործարք Կնքած Է Փաքիստանի Հետ

Ատրպէյճանը Կործանիչներու Ձեռքբերման Մեծ Գործարք Կնքած Է Փաքիստանի Հետ

by MassisPost

Փաքիստանը Ատրպէյճանին կը վաճառէ չորրորդ սերունդի 40 «JF-17 Thunder» կործանիչ ինքնաթիռներ։ Այս մասին հաղորդած է Forbes պարբերականը։

Կը նշուի, որ Պաքուն պաշտօնապէս ընդլայնած է «JF-17»-երու իր պատուէրը եւ այդ թիւը 16-էն հասցուցած է 40-ի։ Այս գործարքը մաս կը կազմէ 4,6 միլիառ տոլարի պաշտպանական համաձայնութեան, որուն մասին Փաքիստանի կառավարութիւնը յայտնած էր X ընկերային հարթակով Յունիս 6-ին։

X-ի վրայ կատարուած գրառման մէջ Փաքիստանի կառավարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ բացի 4,6 միլիառ տոլարի պաշտպանական համաձայնագրէն՝ Ատրպէյճանի հետ ձեռք բերուած է նաեւ 2 միլիառ տոլարի ներդրումներու համաձայնութիւն։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Մայիսի վերջը յայտնած էին, որ Պաքուն աւելցուցած է կործանիչներու թիւը, եւ համաձայնագրին արժէքը 1,6 միլիառ տոլարէն աւելցած է մինչեւ շուրջ 4,2 միլիառ տոլար։ Այնուամենայնիւ, այս հրապարակումները պաշտօնապէս չէին հաստատուած ո՛չ Պաքուի, ո՛չ Իսլամապատի կողմէ։

Ատրպէյճանը իր առաջին «JF-17» կործանիչները ստացած է 2024 թ. Սեպտեմբեր 25-ին։ Պաքուն այժմ պիտի ստանայ կործանիչներու աւելի թարմ տարբերակը՝ «JF-17D Block III»-ը, որ յագեցած գործուն ելեկտրոնային սքանաւորուած ռատարներով եւ այլ համակարգերով ու զէնքերով, որոնք սովորաբար կ’ըլլան 4,5 սերունդի յառաջադէմ ինքնաթիռներուն մէջ:

RANE վտանգներու հետաքննութեան ընկերութեան վերլուծական բաժնի տնօրէն Սեմ Լիխթընշթայնը Forbes-ին յայտնած է, որ «JF-17»-ներու չորրորդ սերունդը ունի որոշակի գործառնական սահմանափակումներ, օրինակ՝ սթելս արհեստագիտութեան բացակայութիւն՝ ի տարբերութիւն հինգերորդ սերունդի կործանիչներու, սակայն այն ծախսարդիւնաւէտ տարբերակ է՝ համեմատած արեւմտեան կամ ռուսական շատ մրցակից տարբերակներու հետ, եւ անոնց ձեռքբերումը պիտի օգնէ արդիականացնելու Ատրպէյճանի հին եւ աւելի քիչ կարողութիւններ ունեցող խորհրդային արտադրութեան ինքնաթիռներու հաւաքակազմը։

«Բացի անկէ, «JF-17»-ը համատեղելի է թրքական շարք մը համակարգերու հետ, որոնք Ատրպէյճանը արդէն ունի, ինչ որ զայն աւելի գրաւիչ կը դարձնէ»,- յաւելած է  վերլուծաբանը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment