Յունիս 2-ին Հակափտածութեան դատարան մուտքագրուած է ՀՀ նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ Սերժ Սարգսեանի դէմ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցած մեղադրական եզրակացութիւնը։ Civic.am-ը «Դատալեքս» հարթակէն տեղեկացաւ, որ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ վարչապետ եղած ժամանակաշրջանին կատարած արարքի համար։ Ըստ մեղադրանքին՝ 2007 թուականի Յունիս 7-էն մինչեւ 2008 թուականի Ապրիլ 8 զբաղեցնելով ՀՀ վարչապետի պաշտօնը՝ Սարգսեան իր պաշտօնի դիրքը օգտագործելով, այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ, «Թի Էս Էս Սի Արմէնիա» ընկերութեան միակ մասնակից եւ տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի oգտին գործողութիւններ կատարելուն նպաստելու, այն է՝ այդ ընկերութեան տրամադրուած ընդերքը օգտակար հանածոներու շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ արտօնագրերով ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը Հայաստանի մէջ ոչ-մնայուն ընկերութեան վաճառելու գործարքին չխոչընդոտելու համար, 2008 թուականի Փետրուարին եւ Ապրիլին Սամուէլ Մայրապետեանի ու իր դստեր՝ Անուշ Սարգսեան-Մինասեանի ամուսինին, այդ ժամանակ ՀՀ վարչապետի աւագ օգնականի պաշտօնը զբաղեցնող Միքայէլ Մինասեանի օժանդակութեամբ Սիլվա Համբարձումեանէն ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 924.950.000 դրամին համարժէք 2.985.000 տոլար կաշառք:
Նշենք, որ գործով դատաւորը Արամ Գրիգորեանն է։ Գործը քննուած է Հակափտածութեան կոմիտէին մէջ։ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին։