Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մշտական Բնակչութեան Թուաքանակը Ապրիլ 1-ի Դրութեամբ

Հայաստանի Մէջ Մշտական Բնակչութեան Թուաքանակը Ապրիլ 1-ի Դրութեամբ

by MassisPost

2025թ. Յունուար-Ապրիլին բնակչութեան կենսունակութեան` ծնունդներու եւ  մահացութեան դէպքերու յարաբերակցութեան գործակիցը կազմած է 106%, 2024թ. նոյն ժամանակաշրջանի 115.0 %-ի համեմատ: Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տեղեկանքէն։  Մասնավորապէս հաշուետու ժամանակաշրջանին ծնած է 9.729 մարդ, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանին՝ 10.492 մարդ։ 2025-ի Յունուար-Ապրիլին մահացած է 9.175 մարդ, 2024-ի Յունուար-Ապրիլին՝  9.124 մարդ։

2025 թ. Ապրիլ 1-ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակը կազմած է 3.081,1 մարդ. քաղաքային բնակչութեան թուաքանակն է 1.973,8, գիւղական բնակչութեան թուաքանակը՝ 1.107,3 մարդ։ Մայրաքաղաքին մէջ բնակչութեան թիւը, ըստ Վիճակագրական Կոմիտէին,  1.142,4 է։

2025-ի հաշուետու ժամանակահատուածին արձանագրուած է ամուսնալուծութեան 1.557 դէպք, 2024-ի նոյն ժամանակահատուածին՝  1.479 դէպք։  2025-ի Յունուար-Ապրիլին արձանագրուած է ամուսնութեան  4.093, 2024-ի նոյն ժամանակաշրջանին՝ 5.186 դէպք։

Նշենք, որ 2025թ. Յունուար-Ապրիլին արձանագրուած 1000 ամուսնութիւններուն համեմատ արձանագրուաղ է ամուսնալուծութեան 380 դէպք` 2024թ. Յունուար-Ապրիլին արձանագրուած 285-ի համեմատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment