Երեւանի մէջ՝ մարզահամերգային համալիրին մէջ մեկնարկած է Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային համաժողովի լիագումար նիստը, որ կը նախագահեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի խորհրդարաններու խօսնակները: Մինչ այդ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող՝ Ռուսաստանի Դաշնային Խբւորհրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ազգային Ժողովի խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի ուղեկցութեամբ առաւօտեան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Մաթվիենքօ եւ Սիմոնեան ծաղիկներ խոնարհած են «Յաղթանակ» զբօսայգիի անմար կրակին մօտ:
Ռուսաստանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ եղբայրական Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան։
Այս մասին յայտնած է Վալենթինա Մաթվիենքօն Ռուսաստանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 39-րդ նիստի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ։
Մաթվիենքօն ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական այս հարթակը պահանջուած եւ արդիւնաւէտ է, եւ յանձնաժողովը մեծ ներդրում ունի երկու երկիրներուն եւ ազգերուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման առումով։
«Մոսկուան մեծ կարեւորութիւն է կու տայ եղբայրական Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան։ Ոչինչ այնպէս չի միացներ երկու ժողովուրդները, ինչպէս շփուելու, ընկերութիւն ընելու ձգտումը։ Պէտք է նշել, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի քաղաքացիները մեծ սիրով կը հաստատեն գործարար, մշակութային, պարզապէս մարդկային կապեր։ Միեւնոյն ժամանակ ռուսերէնը կը շարունակէ մնալ կարեւոր լեզու՝ երկու ազգերուն միջեւ շփման համար։ Շատ հայերու համար ռուսերէնը ոչ թէ պարզապէս երկրորդ լեզու է, այլ՝ անձնական ու ընտանեկան պատմութեան մաս»,- ըսած է Մաթվիենքօն։
Մաթվիենքօն Երեւան ժամանած է պաշտօնական այցով, զինք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Ալէն Սիմոնեանը, ինչպէս խոստացած էր: Մաթվիենքոյի այցը, ինչպէս շաբաթներ առաջ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լավրովին ուղեկցուած է բողոքի հաւաքներով՝ խումբ մը քաղաքացիներ «Ռուսաստան, դաւաճաններ», «Արցախը ձեր խղճին է» պաստառներով հաւաքուած էին խորհրդարանին դիմաց: Այս անգամ, սակայն, նաեւ Ռուսաստանին սատարողներու խումբ կար, որ զուգահեռ հաւաք կը կատարէր:
Երկու հակադիր շարժումներու մասնակիցները պարբերաբար իրար կը վիրաւորէին եւ վիճաբանութեան մէջ կը մտնէին: