ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է վերջին շրջանին եկեղեցականներու շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ նշելով, որ եկեղեցւոյ դէմ որեւէ գործընթաց չկայ:
«Երբ միւս հարցերն իրենց լուծումներն են ստանում կամ ընթացքում են լինում, առաջանում են նաեւ նման խնդիրներ: Եկեղեցու հետ կապուած մենք նախկինում էլ՝ յատկապէս վերջին տարիներին, ասել ենք, որ երբ Եկեղեցին որոշակի գործընթացներ է անում միջամտելու քաղաքական գործընթացներին, երբեմն պէտք է նաեւ պատրաստ լինել նրան, որ այլ հարցադրումներ կը հնչեն քաղաքական դէմքերի կողմից, մասնաւորապէս այս հարցադրումը, որն արուել է»,- ըսած է ան:
«Արդեօք խօսքը անձնակա՞ն կեանքի մասին է» հարցին Յարութիւնեան պատասխանած է.
«Անձնական կեանքին ոեւէ մէկը չի միջամտել, անձնական կեանքի հետ կապուած բոլոր հարցադրումներն արուել են նոյն հաստատութեան՝ Եկեղեցու հաստատութենական տրամաբանութեան մէջ, տուեալ դէպքում՝ կուսակրօնութեան վերաբերեալ, եւ հարցադրումները շարունակում են մնալ միայն այդ տրամաբանութեան մէջ՝ արդեօք վարչապետի բարձրացրած հարցերը ստանալո՞ւ են իրենց պատասխանները՝ դրական, թէ բացասական, այո՞, թ՞է ոչ: Այդ հարցերի պատասխանները միայն առողջացնելու են Եկեղեցին՝ որպէս հաստատութիւն»:
Ճշդող հարցումին՝ եթէ եկեղեցին չպատասխանէ, ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ իշխանութիւնը: Յարութիւնեան ըսած է՝ ըստ էութեան, այն քայլերու շրջանակին մէջ, որ տրուած է իշխանութեան, գործադիր մարմնին օրէնքներու եւ Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ:
Արդեօք իշխանութեան կ’անհանգստացնէ՞, որ Եկեղեցին կրնայ ուղղորդող նշանակութիւն ունենալ ընտրական գործընթացներուն մէջ, արդեօք Եկեղեցին կրնա՞յ օգտագործել իր հեղինակութիւնը, որ, ըստ հարցախոյզերու, բաւականին բարձր է, Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է՝ վերջին զարգացումներու ծիրին մէջ ինք անընդհատ կը լսէ այդ պնդումը:
«Ուզում եմ ձեզ մի բան ասել՝ այդ հարցախոյզերը, որոնք արւում են, պէտք է շատ ուշադիր նայել, թէ տուեալ հարցին պատասխանելիս մեր հանրութիւնն ինչ նկատի ունի: Ես 100 տոկոս վստահութեամբ կարող եմ ասել՝ եթէ դուք որպէս զուտ հաստատութեան նկատմամբ վստահութիւնից զատ, եկեղեցական, տուեալ դէպքում շրջանառութեան մէջ գտնուող անունները դնէք այդ հարցման մէջ, կ’ունենաք բացարձակ այլ պատկեր տուեալ անձանց նկատմամբ:
«Մի բան էլ եմ ուզում աւելացնել. 2021-ին ամբողջ Եկեղեցին կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ քարոզում էր ընդդէմ «Քաղաքացիական Պայմանագրի»: Եւ հանրութիւնը գնաց եւ իր պատասխանը տուեց կաթողիկոսին ու իր սպասաւորներին: Այն ժամանակ Եկեղեցու նկատմամբ վստահութիւնը՝ որպէս հաստատութիւն, պակաս չէր, քան 2024 թուականին»,- ըսած է Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ պէտք չէ խառնել հաստատութիւնը եւ եկեղեցականները:
Ըստ անոր՝ եկեղեցականներու վերաբերեալ հարցախոյզեր ընելու պարագային պիտի ստացուի բացարձակապէս այլ պատկեր:
Յարութիւնեան նաեւ պատասխանած է հարցումին, թէ ինչու 7 տարուան մէջ ոեւէ թալանչի պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:
«Բազմիցս առիթ ունեցել ենք խօսելու, այսպէս ասած, նախկին թալանչիներին պատասխանատուութեան կանչելու թեմայով: Երէկ՝ Կառավարութեան նիստի ժամանակ, այդ հարցին անդրադարձ եղել է, հաստատութիւնները սկսել են աշխատել: Մենք ուզում ենք, որ այդ ամէնը հաստատութենական լինի: Վարչապետը երէկ շատ յստակ ասաց՝ յեղափոխութիւնից յետոյ հնարաւոր էր գնալ եւ այդ ամբողջ ապօրինի գոյքը վերադարձնել պետութեանը:
«Դա պէտք էր անել հաստատութենապէս, որովհետեւ դրա համար պէտք էին օրէնսդրական հիմքեր ու հաստատութիւններ: եթէ այդ ամէնը համեմատենք միւս երկրների հետ, որտեղ նմանատիպ գործընթացներ են եղել, շատ արդիւնաւէտ է հիմա տեղի ունենում, քան այլ երկրներում նման հաստատութիւններ ստեղծելիս»,- ըսած է Յարութիւնեան:
Աւելի վաղ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջոէ գրած էր՝ եթէ պարզուի որ իրօք Գարեգին Բ. խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, ան չի կրնար Ամենայն հայոց կաթողիկոս ըլլալ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ փաստի առկայութեան պահէն ան չէր կրնար կուսակրօն քահանայ ըլլալ։
Այս գրառման յաջորդած էր Գարեգին Բ.-ի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսաց ժողովի հրաւիրումը, որմէ յետոյ եկեղեցւոյ վերնախաւը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ եկեղեցւոյ հարցերը կը լուծուին եկեղեցական կարգերու եւ կանոններու համաձայն եւ դուրս են պետական եւ քաղաքական գործիչներու իրաւասութենէն:
Հոգեւոր դասը փաստացի չէ հերքած սրբազաններու կուսակրօնութեան երդումը խախտելու եւ կաթողիկոսին՝ երեխայ ունենալու մասին մեղադրանքները: