Քանի դեռ վերջնական չենք յանգած խաղաղութեան, չենք ստորագրած պայմանագիրը, ու ձեռքսեղմում չէ եղած, սրումի վտանգը կայ. Խորհրդարանին մէջ 2024թ. պիւտճէի կատարողականի քննարկման ընթացքին ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Ինչո՞ւ են կրակում, չեմ կարող ասել, բայց Հայաստանի դիրքորոշումը մէկն է՝ ստեղծենք միասնական, համատեղ հետաքննող մեխանիզմ, որի արդիւնքում էլ կարելի է պարզել՝ հրամա՞ն են կատարում այդ զինուորները, ինքնուրոյն գործողութիւ՞ն են արել»,- նշեց նախարարը:
Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ կրակոցները մշտական դարձած են, կը փոխանցեն տեղի բնակիչները: Այս կրակոցները յաջորդեցին հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի համաձայնեցման, որ Ատրպէյճանը չի ստորագրեր։
Խօսելով հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրին մասին՝ Արարատ Միրզոյեան ձեռքբերում որակեց անոր համաձայնեցումը: Ստորագրման վերաբերեալ, սակայն, որեւէ նորութիւն ան չյայտնեց: Ընդդիմադիր պատգամաւորներու հարցումներուն, թէ ատրպէյճանական կողմի պայմաններուն կատարումը ինչպէ՞ս կրնայ ձեռքբերում համարուիլ, նախարարը արձագանգեց. «Այդ կէտերին համաձայնել ենք նաեւ այն պատճառով, որ մնացած համաձայնեցուած փաստաթղթի հետագան չդառնայ մշուշոտ»։
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շատ իրատեսական համարեց Երեւանի յարաբերութիւններու մօտալուտ կարգաւորումը թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ հետ:
«Կան լուրջ հնարաւորութիւներ»,- ըսաւ ան՝ առանց պարզաբանելու, թէ այդ լաւատեսութիւնը ինչով պայմանաւորուած է:
Հայաստանի իշխանութիւնները Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» մասին կը համարեն սպառնալիք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։
«Այն, ինչ մենք լսում ենք «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» խօսոյթի շրջանակներում, մենք ուղղակիօրէն ընկալում ենք որպէս սպառնալիք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանը»,- նշած է Միրզոյեան։
Անդրադառնալով հարցումին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը կրնա՞յ երբեւէ քննարկման առարկայ դարձնել Ատրպէյճանի յաւելեալ պահանջները, մասնաւորապէս ատրպէյճանցիներու այսպէս կոչուած վերադարձի եւ Հայաստանի տարածքին բնակելու վերաբերեալ՝ արտաքին գործերու նախարարը պատասխանեց. «Այդպիսի հարց երկու երկրների յարաբերութիւններում ո՛չ իրենց կողմից, ո՛չ մեր կողմից չկայ, օրակարգում այդպիսի հարց չկայ եւ չի քննարկւում»։