Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ։
Վարչապետը Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Ղուրպան Պայրամ տօնին առիթով։
Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը 2026 թուականի գարնան Հայաստանի մէջ կայացնելու առիթով։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր, պայմանաւորուած են շարունակել երկխօսութիւնը։