Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Ծերակուտական Սթիվ Տէյնզի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Ծերակուտական Սթիվ Տէյնզի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՄՆ ծերակուտական Սթիվ Տէյնզի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգին կարեւորութիւնը տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման գործին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ժողովրդավարական հաստատութիւններու շարունակական ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:

Փաշինեան կարեւորած է Հայաստան–ԱՄՆ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ գործընկերութեան ամրապնդումը՝ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ միջազգային հարթակներու վրայ:

Ծերակուտական Տէյնզ վերահաստատած է ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment