Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կ’ակնկալէ Շարունակել Հայաստանի Հետ Սերտ Համագործակցութիւնը՝ Տարածաշրջանային Բարեկեցութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Խթանելու

ԱՄՆ Կ’ակնկալէ Շարունակել Հայաստանի Հետ Սերտ Համագործակցութիւնը՝ Տարածաշրջանային Բարեկեցութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Խթանելու

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարի` եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Ճոշուա Հաք անդրադարձած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման արդիւնքներուն։

«Հայ-ամերիկեան ամուր յարաբերութիւններուն մասին զրուցեցի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Կ’ակնկալենք շարունակել մեր սերտ համագործակցութիւնը տարածաշրջանային բարեկեցութիւնը, փոխկապուածութիւնն ու անվտանգութիւնը խթանելու ուղղութեամբ»,- Ճոշուա Հաքի խօսքը մէջբերած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը։

Ճոշուա Հաք Մայիս 29-ին Երեւանի մէջ հանդիպած էր ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment