ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոեան ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի` եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Ճոշուա Հաքը:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի հարցեր։ Միտքեր փոխանակուած են գործընկերութեան կանոնադրութեամբ արձանագրուած, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման շուրջ՝ միտուած յստակ արդիւնքներու ապահովման ու ՀՀ դիմակայունութեան ամրապնդման: Անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ ծրագրերուն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ճոշուա Հաք գոհունակութեամբ նշած են աշխոյժ փոխայցելութիւնները, այդ շարքին՝ «Երեւանեան Երկխօսութիւն» միջազգային 2-րդ համագումարին ԱՄՆ-էն պաշտօնական ու փորձագիտական շրջանակներու մասնակցութիւնը:
ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ առկայ է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման իրական հնարաւորութիւն, եւ այդ ճանապարհին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի ստորագրումը պիտի դառնայ պատմական փուլ։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են խաղաղութեան օրակարգի կեանքի կոչման ուղղութեամբ գործադրուող շարունակական ջանքերու շուրջ: