Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն:
Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ:
«Երկարատեւ խաղաղութիւնը պիտի ապահովէ աւելի բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան եւ պիտի ստեղծէ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան համար։ Հիմա ժամանակն է խաղաղութեան հասնելու եւ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար բարգաւաճման նոր դարաշրջան սկսելու: Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարեւոր է ԱՄՆ-ի համար»,- գրած է Թրամփ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ՝ երկրի Անկախութեան օրուայ առթիւ։
Նամակին բնագիրը տարածած է Ալիեւի մամուլի ծառայութիւնը։