Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է Amazon Web Services (AWS) ընկերութեան փոխնախագահ Ճեֆ Պարրը։
Ողջունելով հիւրը՝ նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է «Ամազոն» համաշխարհային արհեստագիտական հսկային հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը՝ կարեւորելով զայն երկրի թուային օրակարգին, բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ նորարարական միջավայրի ձեւաւորման տեսանկիւնէն։
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է պարոն Պարրին՝ Հայաստանի կատարած այցելութեան համար եւ նշած, որ նման բարձր մակարդակի շփումները կարեւոր նշանակութիւն ունին երկկողմ փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու առումով։
Ճեֆ Պարր իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան հնարաւորութեան համար՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը արդէն իսկ ունի շօշափելի արդիւնքներ եւ շարունակաբար կը զարգանայ։ Ան նշած է, որ Amazon Web Services-ը հետաքրքրուած է խորացնելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ՝ յատկապէս բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթական նախաձեռնութիւններու եւ նորարարական լուծումներու ոլորտներուն մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են թուայնացման, արհեստական բանականութեան, տուեալներու կառավարման եւ յարակից ոլորտներուն մէջ համատեղ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւնները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու մշակման հեռանկարներուն, որոնք միտուած են նպաստելու Հայաստանի արհեստագիտական ներուժի լիարժէք իրացման։