Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Իրագործման Համար Երեւանն Ու Պաքուն Պէտք Է Ստորագրեն Խաղաղութեան Համաձայնագիրը. Լաւրով

«Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Իրագործման Համար Երեւանն Ու Պաքուն Պէտք Է Ստորագրեն Խաղաղութեան Համաձայնագիրը. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով անդրադարձած է Հայաստանի նախաձեռնած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին՝ յայտարարելով, որ անոր իրագործումը հնարաւոր պիտի ըլլայ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, ինչպէս նաեւ Երեւանի ու Անքարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։

Սերկէյ Լաւրով այս մասին խօսած է պատմական հարաւային ռուսական հողերուն նուիրուած բարձր մակարդակի համաժողովի«ն՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի եւ այլ տարածաշրջաններու մէջ հաղորդակցային ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու հնարաւոր ապաշրջափակման, այդ շարքին՝ Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան հեռանկարներուն։

ՌԴ ԱԳ նախարարը նշած է, որ հայկական կողմը այդ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները իրեն ներկայացուցած է օրեր առաջ Երեւան կատարած այցի շրջանակներուն մէջ։

«Հայկական կողմը կը մշակէ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» անունով նախաձեռնութիւնը՝ ձգտելով ներառելու իր տարածքն ու լոկիսթիք հնարաւորութիւնները մայրցամաքային ընդհանուր խոշոր գործընթացներու մէջ։ Եթէ մենք խօսինք այդ մասին, ապա մենք կողմ ենք, որ բոլոր ենթակառուցուածքային ծրագրերը զարգանան»,- նշած է Լաւրով։

Վերջինս յաւելած է, որ այդ նախաձեռնութեան իրագործման համար, այդուհանդերձ, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի։

«Մենք անկեղծօրէն անոնց կը մաղթենք յաջողութիւններ այս գործին մէջ։ Ակնյայտ է, որ համաձայնագրի համաձայնեցումը հնարաւոր դարձաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քանի մը եռակողմ գագաթաժողովներու շնորհիւ։ Մենք պատրաստ ենք հետագային եւս աջակցելու, եթէ երկու կողմերն ալ հետաքրքրուած ըլլան անով»,- ընդգծած է Սերկէյ Լաւրով։

ՌԴ արտաքին գործերու նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ նշելով, որ հակամարտութիւններու յաղթահարումն ու այդ հակամարտութիւններուն պատճառով արգելափակուած ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը միանշանակ պիտի օգնէ տարածաշրջանի մրցունակութեան խթանման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment