Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներու՝ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմումներու Աշխուժացում Կը Նկատուի. ՆԳ Փոխնախարար

ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներու՝ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմումներու Աշխուժացում Կը Նկատուի. ՆԳ Փոխնախարար

by MassisPost

Մայիս 20-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 9451 անձ դիմած է քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եւ նոյն օրուայ դրութեամբ մենք ունինք 8315 անձ, որ ՀՀ նախագահին հրամանագրով ստացած է ՀՀ քաղաքացիութիւն: Ասուլիսի ժամանակ այդ մասին ըսաւ ներքին գործերու փոխնախարար Արմէն Ղազարեանը:

Փոխնախարարը յիշեցուց, որ քաղաքացիութիւն կը ստանան չափահաս անձեր, իսկ անչափահասները ծնողներէն մէկուն՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու միջոցով ինքնաշխատ կերպով կրնան քաղաքացիութիւն ստանալ:

Վերջին շրջանին, ըստ Արմէն Ղազարեանի, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու դիմումներու աշխուժացում կը նկատուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment