Միացեալ Նահանգները հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուրջ վտանգ կը տեսնէ եւ աշխուժ ներգրաւուած է կանխելու ռազմական բախումը, յայտնած է պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն՝ ելոյթ ունենալով Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ: Ուաշինկթընի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը կը պատասխանէր գոնկրէսականներու հարցումներուն, որոնք կ’ըսէին, թէ Հայաստանը կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու օգնութեան, կը հետաքրքուէին՝ արդեօք նախագահ Թրամփի վարչակազմը մտադի՞ր է շրջանցել 907-րդ յօդուածը, որ կ’արգիլէ Պաքուին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւն տրամադրել:
«Մենք դեռ որոշում չենք կայացուցած այդ հարցին վերաբերեալ, քանի որ այժմ մեր հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է, որ անոնք համաձայնին խաղաղութեան պայմանագրին, որ պիտի չյանգեցնէ հարեւան երկիր՝ Հայաստան ներխուժման։ Մենք կ’ուզենք կանխել զայն։ Նախագահը խիստ հաւատարիմ է պատերազմները կանխելու իր խօսքին։ Եւ մենք փորձած ենք երկու կողմերուն՝ յատկապէս Ատրպէյճանին, ներկայացնել այն հսկայական օգուտները, որոնք կրնան բխիլ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելէն եւ պատերազմի մէջ չներքաշուելէ, ինչ որ մենք կը համարենք կործանարար: Այդ վերջին բանն է, որ այժմ անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ»,- յայտնած է ան: