Հայաստանի Արտաքին գործերի նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հերթական անգամ հնչեցուած՝ այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ խօսոյթին:
ԱԳՆ մամուլի խօսնակը թեմային անդրադարձած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին։
Հարց. Երէկ տեղի ունեցած միջոցառումներէն մէկուն ժամանակ հնչած է Ատրպէյճանի նախագահի ուղերձ, որուն մէջ կրկին կը շեշտուի «արեւմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթը: Ինչպէ՞ս կ’արձագանգէք:
Պատասխան. «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում «արեւմտեան Ատրպէյճան» չկայ. արեւմտեան Ատրպէյճանն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններն են»:
Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը նախապէս ալ բազմիցս արձագանգած է Ատրպէյճանի այս խօսոյթին՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական կողմի նման յայտարարութիւնները կը դիտուին որպէս տարածքային պահանջ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։