«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՏՄ անդամ է, եւ այդ միութիւնից դուրս գալու օրակարգ չկայ»:
Կառավարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ անդրադառնալով Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի համատեղ ասուլիսի ժամանակ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանը ԵՄ անդամակցութեան յայտ չէ ներկայացուցած եւ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ չկան:
«Միեւնոյն ժամանակ, մենք մեր օրէնսդրութիւնները, կարգաւորումները համապատասխանեցնում ենք աշխարհի լաւագոյն կարգաւորումների հետ: Օրինակ՝ յաջորդ շաբաթ ԱԺ-ի կողմից կ’ընդունուեն ԵՄ 4 կարգաւորումները, որոնք վերաբերում են սպառողների իրաւունքների պաշտպանութեանը, մրցակցութեանը: Հիմա եթէ ԵՄ-ում մրցակցութեան պաշտպանութեան կամ սպառողների իրաւունքների պաշտպանութեան լաւագոյն կարգաւորումներն են, այդ կարգաւորումները չբերե՞նք, չկիրառե՞նք այստեղ»,- ըսած է ան:
Նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, որ «ԵՄ-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին» նախագիծը ԱԺ ներկայացնող քաղաքական ուժերը «Քաղաքացիական Պայմանագրի» հետ կապ չունին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի վերոնշեալ նախագիծը՝ խորհրդարանի կողմէ ընդունելուն, ապա, ըստ Գէորգ Պապոյեանի, ՀՀ իշխանութիւնը այդ կերպ իր դիրքորոշումը յայտնած է 50 հազարէ աւելի քաղաքացիներու ստորագրութիւն ունեցող նախագիծին: