Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կիրքերու Բորբոքում Հայաստանի Խորհրդարանէն Ներս Եւ Դուրս

Կիրքերու Բորբոքում Հայաստանի Խորհրդարանէն Ներս Եւ Դուրս

by MassisPost

Անցնող շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս ընդդիմադիր ու իշխանական թեւի պատգամաւորներու ջիղերը բաւական բորբոքած էին, յատկապէս երբ տասը տարի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեանի որդին` Լեւոն Քոչարեանը սկսաւ սեռական բնոյթի հայհոյանքներ ուղղել իր հօր հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնողներուն, որուն հետեւեցան իշխանական պատգամաւորներու բաւականին անսովոր ու բուռն ելոյթները:

Շատերու կարծիքով, տիրող այս իրավիճակը կապուած է սպասուող երկու կարեւոր իրադարձութիւններու հետ: Առաջինը` տարի մը ետք տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են, իսկ երկրորդը` դատախազութեան կողմէ հակափտածութեան դատարան ներկայացուած դիմումն է, որուն համաձայն կը պահանջուի քոչարեաններու ընտանիքէն բռնագանձել ապօրէն միջոցներով ձեռք ձգուած եւ աւելի քան 200 միլիոն տոլարի հասնող անշարժ գոյքեր, կանխիկ գումարներ եւ տարբեր ընկերութիւններու մէջ շահաբաժիններ: Այս պարագան ոչ միայն կը մտահոգէ ու անհանգիստ կ’ընէ քոչարեաններուն, այլ բոլոր անոնց, որոնք նախկին իշխանութիւններուն օրով իրենց դիզած հարստութեան որոշ մէկ մասը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուին:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին ժողովուրդի մօտ Փաշինեանի կառավարութեան հանդէպ միշտ կայ դժգոհութիւն, որ ան չէ կարողացած վերադարձնել այն հսկայական գումարները, որոնք խլուած էին պետական գանձեն, ինչպէս որ խոստացուած էր: Այդ ընելու համար կար երկու միջոց: Առաջինը` իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք գրաւել նախկին բոլոր իշխանաւորներու ու անոնց մերձաւորներու ունեցուածքը: Այս քայլը պիտի հակասէր յեղափոխութեան դաւանած ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն: Նոր իշխանութիւնները նախընտրեցին երկրորդ ճանապարհը` օրէնսդրական փոփոխութիւններու ու դատարաններու միջոցաւ կատարել այդ բոլորը: Ընտրելով այս երկրորդ ճանապարհը եօթը տարի պէտք եղաւ հասնելու համար քոչարեաններու ընտանիքին: Այս է պատճառը« որ անոնք այժմ ոքի ի բռին կը պայքարին իրենց հարստութիւնը պահելու համար եւ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցածը այդ պայքարի ձեւերէն մէկն էր:

Խորհրդարանէն դուրս, հայր Քոչարեան միանալով իր պատգամաւոր զաւկին, սակայն առանց հայհոյանքի, Փաշինեանին վերագրեց միլիոնաւոր տոլարներու իւրացում, զայն կոչելով «Հայաստանի ամենէն հարուստ մարդը»: Այս տիտղոսը ժողովուրդին կողմէ միշտ ալ վերապահուած է Քոչարեանին ու ան այժմ կը փորձէ խոյս տալ անկէ:

Վերջին օրերուն, նկատելիօրէն բազմապատկուած են նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հասցէին կաշառակերութեան մեղադրանքները, որոնք կը տարածուին ընդդիմադիր թերթերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ: Այս բոլորի նպատակը այն է` ժողովուրդի մօտ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ներկաները աւելի վատն են քան իրենք:

Այս բոլորին հակազդելու համար իշխանական կողմը անցած է հակայարձակումի եւ շատ աւելի խիստ ու հասցէագրուած ձեւով կը հակադարձէ ընդդիմադիրներուն: Իշխանական շրջանակները կը յայտարարեն, որ այլեւս պիտի չլռեն իրենց դէմ հնչող` «թուրք», «դաւաճան», «հողատու», «ապազգային» ու նման այլ որակումներուն ու նոյն ոճով պիտի հակադարձեն այդ մեղադրանքներուն:

Այսպիսով, կարելի է ենթադրել որ սկսած է խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւններու մրցավազգը, որ դատելով այս օրերուն տիրող երեւոյթներէն կը խոստանայ ըլլալ բաւականին թէժ ու հետաքրքիր: Կը մաղթենք, որ փոխադարձ մեղադրանքները մնան ընդունելի ու քաղաքակիրթ սահմաններուն մէջ:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment