Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութեան Եւ Ազգային Ժողովի Շէնքերուն Մէջ Զանգուածային Անկարգութիւններու 9 Մասնակից Ձերբակալուած Է

Կառավարութեան Եւ Ազգային Ժողովի Շէնքերուն Մէջ Զանգուածային Անկարգութիւններու 9 Մասնակից Ձերբակալուած Է

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ կը շարունակուի 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին Կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի վարչական շէնքերուն եւ այլ վայրերու մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու, անոնց մասնակցելու, զանգուածային անկարգութիւններու ժամանակ մասնակիցներու կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչներու օրինական պահանջներուն չենթարկուելու կամ անձերու նկատմամբ բռնութիւն կիրառելու կոչերու, իշխանութիւնը զաւթելուն, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողովին եւ Կառավարութեան պարտադրելու դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը:

ՔԿ հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախաքննութեան ընթացքին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ Քննչական Կոմիտէի ծառայողներուն կողմէ գործուն եւ սերտ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ համատեղ ձեռնարկուած միջոցառումներու, կատարուած վարութային գործողութիւններու բերումով պարզուած է զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցած եւս 9 անձի ինքնութիւնը։

Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին բաւարար փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ նշուած անձերը 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին՝ պատերազմը դադրեցնելու առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ հրապարակուելէ յետոյ, ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ հաւաքուած բազմաթիւ այլ անձերու հետ խումբի կազմին մէջ, բռնի գործողութիւններով յաղթահարելով ոստիկանական պատնէշը, մօտեցած են Կառավարութեան շէնքի մուտքի դուռին, յարակից պատուհաններուն, ոտքերով եւ ձեռքերով հարուածներ հասցուցած են անոնց, այդ ուղղութեամբ նետած են տարբեր առարկաներ, կոտրած են մուտքի դուռին եւ յարակից պատուհաններուն ապակիները, ապա վնասելով բացած են մուտքի դուռը եւ մուտք գործած են Կառավարութեան շէնք, ուր շարունակած են զանգուածային անկարգութիւններու կատարումը:

Մասնաւորապէս՝ նշուած անձերը ինչպէս առանձին, այնպէս ալ իրարու գործողութիւնները լրացնելով ոտքերով հարուածելով կոտրած են ՀՀ կառավարութեան շէնքի շարք մը դուռեր, պոկելու եղանակով վնասած են շէնքի գոյքը՝ այդ կերպ մասնակցելով ջարդելով, գոյք ոչնչացնելով, վնասելով եւ բռնութիւն գործադրելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններուն։

Նախաքննութիւն իրականացնող քննիչի միջնորդութեան հիման վրայ հսկող դատախազին կողմէ որոշումներ կայացուած են 9 անձի նկատմամբ յարուցել հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 327-րդ յօդուածի 1-ին մասով (զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցիլը):

Ձեւաւորուած քննչական խումբին կողմէ ՀՀ ԱԱԾ համապատասխան ստորաբաժանումներուն հետ համատեղ կատարուած են խուզարկութիւններ եւ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցած 9 անձեր յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած են:

Միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատարան՝ նշուած անձերուն նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ:

Կը ձեռնարկուին համալիր միջոցառումներ զանգուածային անկարգութիւններու միւս մասնակիցներուն ինքնութիւնը պարզելու եւ անոնց նկատմամբ քրէաիրաւական ներգործութեան միջոցներ կիրառելու ուղղութեամբ:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի լոյս 10-ի գիշերը, երբ յայտնի դարձաւ, որ արցախա-ատրպէյճանական պատերազմի 44-րդ օրը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ստորագրուած է եռակողմ յայտարարութիւն, որով կը դադրեցուին ռազմական գործողութիւնները, Հայաստանի մէջ խումբ մը անձեր, ներխուժելով Կառավարութեան, Ազգային Ժողովի շէնքեր եւ ՀՀ վարչապետի կեցավայր, զանգուածային անկարգութիւններ հրահրեցին:

Ըստ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ գործադիր, օրէնսդիր մարմիններու շէնքեր եւ ՀՀ վարչապետի կեցավայր ներխուժած անձերը դաժան ծեծի ենթարկած էին ՀՀ Ազգային Ժողովի այն ժամանակուայ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, վնասած էին պետական գոյքը, կատարած էին գողութիւններ եւ այլ գործողութիւններ:

ԱԱԾ հաղորդագրութեան համաձայն՝ զանգուածային անկարգութիւններ իրականացուցած անձերը նախապէս հաւաքագրած, դէպքի վայր հանդիսացող շինութիւններուն մէջ անոնց ներկայութիւնը հիմնականին մէջ ապահոված էին ընդդիմադիր ուժերու քաղաքական համախոհները, մասնաւորապէս՝ պարզուած էր, որ այդ անկարգութիւններուն մասնակից անձերուն մէջ մեծ թիւ կազմած են Ռոպերթ Քոչարեանի կողմնակիցները, ՀՅԴ անդամ կամ անոնց համախոհ հանդիսացող անձեր, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան համախոհները, նախկին պատգամաւորներու օգնականները եւ այլք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment