Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարին Այցը Ցոյց Տուաւ Որ Յարաբերութիւնները Ձեռք Բերած Են Ռազմավարական Բնոյթ. Սոպհանի

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարին Այցը Ցոյց Տուաւ Որ Յարաբերութիւնները Ձեռք Բերած Են Ռազմավարական Բնոյթ. Սոպհանի

by MassisPost

Իրանի պաշտպանութեան նախարարին Հայաստան այցը շատ դրական եւ արդիւնաւէտ էր։

Սիւնիքի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին։

«Ան շատ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցաւ իր պաշտօնակիցին, Հայաստանի մեծարգոյ վարչապետին, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարին, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին հետ։

Այդ այցը ցոյց կու տայ, որ մեր յարաբերութիւնները ձեռք բերած են ռազմավարական բնոյթ, բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր յարաբերութիւնները զարգացում կ’ապրին»,- նշած է Սոպհանի:

Յիշեցնենք, որ պաշտօնական այցով ՀՀ ժամանած էր Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար Ազիզ Նասիրզատէն։ Զայն ընդունած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։

Նախարարները քննարկած էին տարածաշրջանային հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment