Ռուսաստանի համար թանկ են Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները, ժողովուրդներուն միջեւ խոր կապերը:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին ըսած է ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ յաւելելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է բոլոր ուղղութիւններով առաւելագոյնս զարգացնել:
«Նախկինին պէս կը համարենք, որ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ կարեւորագոյն ոլորտներէն է անվտանգութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու ՀՀ պաշտպանութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան ապահովման»,- ընդգծած է ան:
Խօսելով տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին մասին՝ Լաւրով ըսածէ, որ Մոսկուան անկեղծ հետաքրքրուած է Երեւան-Պաքու ամբողջական կարգաւորմամբ:
«Կը կարծենք, որ անոր համար ամուր հիմք են 2020 եւ 2022թթ. ՌԴ նախագահին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ ՀՀ վարչապետին միջեւ ամենաբարձր մակարդակով ձեռք բերուած համալիր եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները: Մենք ողջունած ենք խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի համաձայնեցումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Պատրաստ ենք օգնելու այդ փաստաթուղթի ստորագրման համար կարգաւորման կարիք ունեցող բոլոր խնդիրներու լուծման: Միշտ կրնաք մեր վրայ յոյս դնել, ընդ որում՝ տնտեսական կապուղիներու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, սահմանագծման, յառաջացող բոլոր մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցերով»,- ըսած է Լաւրով:
Խօսելով տնտեսական համագործակցութեան մասին՝ ան յիշեցուցած է, որ ՌԴ-ն ՀՀ-ի առանցքային տնտեսական գործընկերն է, հիմնական ներդրող եւ երկրի ուժանիւթային եւ պարէնային անվտանգութեան յուսալի երաշխաւորը: