Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան առանձնազրոյց ունեցած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրավար Ազիզ Նասիրզատէի հետ։
Առանձնազրոյցին յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
Նախարարները բարձր գնահատած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան մակարդակը։ Քննարկուած են Հայաստանի ու Իրանի միջեւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերող հարցեր:
Պապիկեանն ու Նասիրզատէն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցերու:
Իրանցի նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր ժամանած է երեւան:
Մինչ այդ երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մեկնարկած են Ատրպէյճանի ու Իրանի համատեղ զօրավարժութիւնները:
Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր սահմանը երկու ժողովուրդներու հաղորդակցութեան պատմական ճանապարհն է, եւ Թեհրան թոյլ պիտի չտայ որեւէ ոտնձգութիւն այդ սահմանին նկատմամբ։
ISNA-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Ազիզ Նասիրզատէն ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ժամանակ։ Ան ընդգծած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ յայտնած.
«Իրանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը բոլոր հարեւաններուն, յատկապէս՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն է, եւ որեւէ խոչընդոտ չի կրնար խանգարել այդ ճանապարհը»։
Նասիրզատէն, աջակցելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ընդգծած է, որ Իրան կ’աջակցի խաղաղութեան պայմանագրերու ստորագրման եւ պատրաստ է արագացնելու այդ գործընթացը: