Երեւանը Պրիւքսէլի հետ չի բանակցիր Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան շուրջ:
ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ մամուլի ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոմիութեանն անդամակցելու յայտ չի ներկայացրել, այս ուղղութեամբ բանակցութիւններ չեն տարւում, եւ ըստ այդմ՝ արդիական չէ այն հարցը, որը կարող է յառաջանալ այս ուղղութեամբ»,- լրագրողներու հարցումին ի պատասխան՝ ըսած է Միրզոյեան՝ մեկնաբանելով դիտարկումը ԵՄ-ին եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միաժամանակեայ անդամակցութեան վերաբերեալ:
Մարտ 26-ին Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորները երկրորդ եւ վերջնական ընթերցմամբ ընդունեցին օրէնքը՝ Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացը սկսելու մասին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ սա չի նշանակեր Երեւանի՝ ԵՄ համայնքին միանալու գործընթացի ինքնաշխատ մեկնարկ, քանի որ այս հարցը կը պահանջէ հանրաքուէ։ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեան իր հերթին պարզաբանած է, որ օրինագիծը հասարակական նախաձեռնութիւն է, որ հաւաքած է անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւններ։
Ինչպէս յայտնած է ՌԴ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, Ռուսաստանը Հայաստանի մէջ ԵՄ-ին միանալու մասին օրինագծի քննարկումը կը դիտարկէ որպէս Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն (ԵԱՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու սկիզբ։ Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ին անդամակցիլը անհամատեղելի է ԵԱՏՄ-ին երկրի անդամակցութեան հետ։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնած է, որ Երեւանը մտադիր չէ դուրս գալու ԵԱՏՄ-էն։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանը պէտք է պահպանէ, զարգացնէ եւ բարելաւէ յարաբերութիւններու մակարդակը անոր հետ, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններ հաստատէ այլ կառոյցներու հետ։