Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զուիցերիացի Խորհրդարանականները Կը Մեկնարկեն Նոր Հարթակ՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքին

Զուիցերիացի Խորհրդարանականները Կը Մեկնարկեն Նոր Հարթակ՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքին

by MassisPost

Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ 2025 թուականի Մայիս 26-ին իր աշխատանքները կը մեկնարկէ «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը՝ օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման համար միջազգային անհրաժեշտ մեխանիզմներ կենսագործելու մասին՝ Զուիցերիոյ խորհրդարանի Վերին պալատի Մարտ 18-ի որոշման, ինչ որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:

Նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Զուիցերիոյ յանձնառութեան՝ «հնարաւորութիւն տալու Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ բաց երկխօսութեան՝ միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ կամ միջազգային նշանակալի դերակատարներու ներկայութեամբ՝ բանակցելու պատմականօրէն բնակուած հայ բնակչութեան անվտանգ եւ համատեղ վերադարձին շուրջ»:

Միջկուսակցական լայն աջակցութիւն ունեցող յանձնախումբը կը գլխաւորեն Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆօնթոպելը եւ Սթեֆան Միւլլեր-Ալթերմաթթը:

Միջոցառման ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան յանձնախումբի համանախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախկին նախարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Վարդան Օսկանեանը, Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեանը, Զուիցերիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղար Սարգիս Շահինեանը եւ Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութեան կազմակերպութեան հանրային հարցերով տնօրէն դոկտոր Ճոէլ Վելտքամփը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment