Արեւմտեան կողմնորոշում ունեցող խումբ մը քաղաքական գործիչներ եւ աքթիվիսթներ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութաեն շէնքին դիմաց բողոքի շարժում իրականացուցած են երկօրեայ այցով Հայաստան գտնուող ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցին դէմ բողոք արտայայտող պաստառներով:
Անոնք փորձած են մօտենալ ԱԳՆ մուտքին, որմէ յետոյ ոստիկանները միջամտած են եւ բախումներէն ու լարուած իրավիճակէն զերծ մնալու համար աքթիվիսթները հեռացուցած են ԱԳՆ կամարներու մօտէն:
Ներքին գործերու նախարարութենէն «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին յայտնած են, որ ոստիկանութիւնը իր լիազօրութիւններուն համապատասխան իրականացուցած է հասարակական կարգի պահպանութիւն: