Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ․ «Երեւանը Պէտք Է Յստակ Ըսէ՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանցիները Երբ Պիտի Վերադառնան»

Ալիեւ․ «Երեւանը Պէտք Է Յստակ Ըսէ՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանցիները Երբ Պիտի Վերադառնան»

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը պէտք է յստակօրէն ըսէ, թէ ատրպէյճանցիները երբ պիտի վերադառնան իրենց նախկին բնակութեան վայրեր, վերադարձէն յետոյ ալ ինչպէս պիտի ապահովուի անոնց անվտանգութիւնը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այս պահանջները տեղ գտած են Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն այսօր յղուած նամակին մէջ։

«Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձը որպէս մարդու իրաւունքներու գերակայութեան կարեւոր պայման» կոչուող համաժողովի մասնակիցներուն դիմելով՝ Ատրպէյճանի ղեկավարը մասնաւորաբար կը պնդէ․

«Թրքական ժողովուրդներուն հանդէպ հայ հանրութեան մօտ խորապէս արմատաւորուած ատելութիւնը, «մեծ Հայաստանի» մասին երազանքները, այդ երկրի Սահմանադրութեան բնագրին մէջ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ ուղղուած տարածքային պահանջներուն առկայութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքին ժխտումը, ցաւօք սրտի, կը խոչընդոտեն խաղաղութեան հաստատման»։

Ալիեւի պնդմամբ՝ Հայաստանը, հարեւան երկրներուն ուղղուած տարածքային պահանջներէն հրաժարելէ բացի պէտք է նաեւ քայլեր ձեռնարկէ «ատրպէյճանական հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ, թոյլատրէ այդ հարցով զբաղող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը»։

Առանցքայինը, սակայն, ըստ Ատրպէյճանի ղեկավարին, իր հայրենակիցներուն՝ Հայաստան տեղափոխուելու, կամ ինչպէս Ալիեւ կը ձեւակերպէ՝ «վերադարձի» հարցն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment