Կիպրոս կը սատարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին եւ կ’ընդգծէ անոր կարեւորութիւնը ոչ միայն տարածաշրջանի կայունութեան, այլեւ Հայաստանի՝ ԵՄ անդամակցութեան հեռանկարի տեսանկիւնէն։
Ազգային Ժողովին մէջ ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Աննիթա Տիմիթրիուն։
«Մենք յոյսով ենք, որ հնարաւորինս շուտ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը մեզ տեղեկացուց այդ ուղղութեամբ կատարուող ջանքերուն մասին։ Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք աջակցելու դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ իրականացուող բոլոր փորձերուն։ Ի վերջոյ, խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ոչ միայն ստորագրուի, այլեւ լիարժէք կեանքի կոչուի:
«Կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը պիտի նպաստեն Հայաստանի զարգացման, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման ու եւրոպական հեռանկարի ամրապնդման։
«Այդ պիտի օգնէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան ԵՄ-ին, ինչպէս նաեւ մնացած երկիրներուն հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու կառուցման։ Երբ կայ խաղաղութիւն, իւրաքանչիւր երկիր կը ծաղկի, կը զարգանայ»,- ըսած է ան:
Կիպրոսի խորհրդարանի ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Կիպրոսի մէջ եւս խաղաղութեան խնդիրը առկայ է արդէն կէս դարէ, եւ ինք, աւելի քան ուրիշը, կը հասկնայ Հայաստանին:
«Կիպրոսը արդէն 50 տարի է՝ կիսուած է։ Մենք գիտենք՝ ինչ կը նշանակէ ապրիլ երկարատեւ հակամարտութեան պայմաններու մէջ։ Այդ փորձառութիւնն ալ պատճառ է, որ Կիպրոս կ’աջակցի հայ ժողովուրդին խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն մէջ»,- եզրափակած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը։