Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Սուրբ Սթոռ (Վատիկան) կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից Լեւոնեան վարժարանին մէջ հանդիպած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանի եւ վարժարանի սաներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Խաչատուրեան անդրադարձած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին ընդհանուր իրադրութեան, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ վերջիններուս լուծման նկատմամբ հայաստանեան իշխանութիւններու որդեգրած սկզբունքներուն:
Նախագահը ընդգծած է, որ ներկայիս Հայաստանը ունի յստակ դիրքորոշում տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու եւ հարեւաններուն հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցերու շուրջ:
Հանդիպման աւարտին նախագահը անմիջական մթնոլորտի մէջ պատասխանած է ներկաները յուզող հարցերուն: