Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ Յոյս Յայտնած Է, Որ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Հնարաւորինս Շուտ Կը Ստորագրուի

ՀԱՊԿ Յոյս Յայտնած Է, Որ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Հնարաւորինս Շուտ Կը Ստորագրուի

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգության Պայմանագրի Կազմակերպությունը (ՀԱՊԿ) կ’ակնկալէ, որ  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի հնարաւորինս շուտ։ Այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը։

«Կովկասի մէջ կան որոշակի դրական յառաջխաղացումներ։ Ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի յայտարարութիւնն է բանակցութիւններու աւարտի եւ երկու երկիրներուն միջեւ միջպետական ​ փաստաթուղթի բնագրի համաձայնեցման վերաբերեալ,- ըսած է ան ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԽՎ) խորհուրդի նիստին։- Մենք յոյս կը յայտնենք, որ փաստաթուղթը հնարաւորինս շուտ կը ստորագրուի, եւ կ’ակնկալենք, որ անոր իրականացումը յուսալի ճանապարհ կը հարթէ Հարաւային Կովկասի մէջ դէպի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment