Քայլեր կը ձեռնարկուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած են խաղաղութեան համար շատ բարենպաստ պայմաններ։
«Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկած է նոր սթաթուս քօ եւ նոր իրականութիւն։ Եւ այս ստաթուս քօն հիմնուած է ոչ թէ բռնագրաւման կամ յարձակման, այլ միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու, օրինականութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու վրայ։
«Պաշտօնական Պաքուն հայկական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը։ Դրական կողմը այն է, որ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է, սակայն կան բաց հարցեր, որոնք համաձայնեցուած չեն Հայաստանի հետ»,- ըսած է Հաճիեւ՝ կրկնելով, թէ Հայաստանը իբր տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ:
Ալիեւի օգնականին խօսքով՝ յստակ կարելի է ըսել մէկ բան՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են։
«Այսօր տարածաշրջանին մէջ իսկապէս կը տիրէ խաղաղութիւն, կայունութիւն։ Տէ ֆաքթօ կարելի է ըսել, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որ այդ իրաւաբանօրէն ձեւակերպուի, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ հաստատուի վերջնական խաղաղութիւն»,- ըսած է ան: