Այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ որեւէ քննարկում չկայ, Երեւանը այդ եզրը նոյնիսկ չ’օգտագործեր, «Թեհրանի երկխօսութիւն համագումար 2025»-ին, ըստ IRNA-ի, յայտնած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
«Մենք խօսում ենք այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է տարածաշրջանային կապերը դուրս բերել փակուղուց, խաղաղութիւն ու կայունութիւն բերել տարածաշրջան»,- նշած է ան:
Ան յիշեցուցած է Իրանի նախագահին դիրքորոշումը, որ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ պէտք է համատեղ ուժերով շարժիլ դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր։
Պաքուն Հայաստանէն ճանապարհ կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանը կը կապէ Նախիջեւանին, ու այն պիտի ըլլայ առանց մաքսային հսկողութեան ու անխոչընդոտ: Երեւանն ալ կը պնդէ, որ այդ ճանապարհները պէտք է գործեն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ՝ մերժելով միջանցքային տրամաբանութիւնը:
Յունուարի վերջաւորութեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքուն գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ այդ միջանցքի բացման ուղղութեամբ: Թեհրանը բազմիցս յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» վնաս է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Իրանին:
Հարց ու պատասխանի ընթացքին ԱԽ քարտուղարը խօսած է ՀՀ արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան բազմազանեցման մասին եւ ընդգծած, որ ՀՀ-ն կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները բոլոր պետութիւններուն հետ՝ չբացառելով որեւէ երկիր: Քարտուղար Գրիգորեան նաեւ խօսած է Հայաստան-Իրան զարգացող յարաբերութիւններուն եւ առկայ հնարաւորութիւններուն մասին:
Արմէն Գրիգորեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ ընդգծած պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու տեսանկիւնէն:
ԱԽ քարտուղարը նաեւ հանդիպած է նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման յարաշարժ ընթացքը ու կարեւորած են աշխուժացած երկկողմ փոխայցելութիւնները: