Թիրանայի մէջ ատրպէյճանցի լրագրողը ոտքի վրայ քանի մը հարցում ուղղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, քանի մը հարց ճշդած, այդ շարքին՝ Սահմանադրութեան վերաբերեալ: Հայաստանի վարչապետը ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը առայժմ պատրաստ չէ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան մէջ չկայ տարածքային պահանջ որեւէ հարեւանի նկատմամբ, եւ խաղաղութեան պայմանագրի՝ երկրի հիմնական օրէնքին համապատասխանութեան հարցը կրնայ որոշել միայն երկրի Սահմանադրական դատարանը՝ պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ:
«Հիմա ատրպէյճանական կողմը հարցեր է բարձրացնում այն մասին, որ իբր Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ է պարունակում Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Եթէ այս մտահոգություններն անկեղծ են են, ապա այս խնդիրը լուծելու ամենակարճ ճանապարհը խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելն է։ Երբ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի եւ վաւերացուի ՀՀ խորհրդարանում, արդէն ամենաբարձր օրէնսդրական մակարդակով կը հաստատուի, որ ՀՀ-ն տարածքային պահանջներ չունի ո՛չ Ատրպէյճանի, ո՛չ էլ ընդհանրապէս իր հարեւանների նկատմամբ։
«Մենք նոյնպէս մտահոգութիւններ ունենք եւ տեսնում ենք, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ է պարունակում Հայաստանի նկատմամբ։ Սակայն մենք այս հարցը չենք բարձրացնում այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք յստակ տեսնում ենք, որ արդէն համաձայնեցուած խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծում այս հարցը լուծուած է։ Եւ այս խնդիրը լուծելու եւ վերացնելու համար պարզապէս պէտք է ստորագրենք խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ վաւերացնենք այն, մենք պատրաստ ենք նման լուծման»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։
Ներկայացնելով պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմուբի լուծարման վերաբերեալ՝ Փաշինեան կրկնեց, որ Երեւանը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ ԵԱՀԿ-ին դիմելու՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հետ միաժամանակ։
«Այսինքն՝ նոյն տեղում, նոյն ժամանակ, որը շատ կարեւոր է։ Եւ սա շատ կարեւոր փոխադարձ ժեսթ կը լինի մեր տարածաշրջանում վստահութեան եւ կայունութեան համար»,- նշած է ան։
Չուշացաւ Պաքուի արձագանգը։ Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը որակած է միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու փորձ՝ այս անգամ Սահմանադրութենէն բացի, նաեւ Հայաստանի զինանշանին մէջ տարածքային պահանջ տեսնելով:
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որ ուղիղ սպառնալիք կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան համար, խաղաղութեան հիմնարար պայման է, եւ Ատրպէյճանը ունի այդ պահանջը ներկայացնելու օրինական իրաւունք: Նոյնիսկ զինանշանը, որ կը յիշատակուի Հայաստանի Սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածին մէջ, կ’արտացոլէ հարեւաններու նկատմամբ Հայաստանի տարածքային պահանջները»,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:
Չնայած կողմերու դիրքորոշումներու տարբերութեան, Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեցերորդ գագաթաժողովէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցին, ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլաս ըսած է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շատ մօտ են խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման. «Բոլորին շահերէն կը բխի, որ անոնք այդ ընեն, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ մէկ հակամարտութիւն պակաս ըլլայ»։
Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեան յիշեցուցած է, որ արդէն եղած է Պաքուի մէջ եւ յառաջիկային կը պատրաստուի Երեւան ժամանելու։