Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայիս՝ Յաղթանակներու Ամիս

Մայիս՝ Յաղթանակներու Ամիս

by MassisPost

Բնութեան օրէնքներուն համաձայն, իւրաքանչիւր ամիս կարեւոր է իր իւրայատուկ կարգով, եւ մերօրեայ 12 ամիսներու դրութիւնը արդիւնք է մարդկային պատմութեան հազարաւոր տարիներու հաշիւներուն եւ ճշդումներուն: Ուստի, այսօրուայ դրութեամբ դժուար է պատկերացնել մեր կեանքը առանց այս կամ այն ամիսին: Այսուհանդերձ, որպէս անհատներ, յաճախ ունինք մեր նախընտրութիւնները, որոնք կը տարբերին երկրէ երկիր, ժողովուրդէ ժողովուրդ եւ նոյնիսկ անհատէ անհատ: Շատ շատերու համար, Դեկտեմբերը, ըլլալով տօնական ամիս, խորհրդանիշ է ուրախութեան եւ ընկերային ջերմութեան:

Այս առումով ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը իւրայատուկ համարած է Մայիս ամիսը: Շատ ժողովուրդներու նման, հայերը եւս Մայրերու տօնը կը նշեն Մայիսին՝ ամբողջ ամիսը նուիրած են մայրերուն, շեշտելով անոնց առաջնահերթ կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Հայաստանի Մայիսն ալ, որպէս գարնանային ամիս, ուղղակիօրէն առնչուած է բնութեան վերածնունդին հետ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս մարդ արարածը իր մօր հետ: Հետեւաբար, կեանքի եւ վերածնունդի առումով գուցէ անակնկալ իսկ չ’ըլլար իմանալ, թէ հայութեան մեծագոյն յաղթանակները զուգադիպած են Մայիսին:

1918-ի Մայիսին էր մեր պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն մէկը՝ Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակը, որ փրկութեան ու վերածնունդի հնարաւորութիւն էր ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ ամբողջական կործանումի եզրին յայտնուած ժողովուրդի մնացորդացին համար: Իսկ 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակումը, թէկուզ պատմական հողերու շատ փոքր մէկ հատուածին վրայ, յաղթանակ էր եւ վերածնունդ, դարերու կորստեալ անկախ պետականութեան վերականգնում եւ սեփական հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու հնարաւորութիւն: Հայ կամաւորներ՝ գիւղացիներ, հոգեւորականներ, երիտասարդներ ու կիներ, ուս-ուսի տուած հայկական գունդերուն՝ ներառեալ հնչակեան Պանդուխտի գլխաւորած ազատամարտիկները, կռուեցան միասնական շարքերով եւ կերտեցին մեր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը:

Աւելի քան քառորդ դար ետք, որուն 80-ամեակը կը նշուի այս օրերուն, հայ ժողովուրդի Մայիսեան հերթական յաղթանակը տեղական չէր, այլ համաշխարհային եւ համախմբուած՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի դաշնակիցներու դրօշին տակ, այս անգամ ընդդէմ համամարդկային թշնամիի՝ ընդդէմ նացիզմի վտանգին: Ճիշդ է, հայը օրին անկախ պետականութիւն չունէր, սակայն Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր բաժինը՝ թէ՛ խորհրդային Կարմիր բանակի շարքերէն, թէ՛ ֆրանսական ընդդիմութեան ընդյատակեայ շարժումներուն մէջ: Նշեալ տարիներուն հայ ժողովուրդի շարքերէն ինկած հարիւր հազարաւոր նահատակները իրենց արիւնով կերտեցին յաղթանակ, իրենց պայքարով եւ զոհողութեամբ տապալեցին հակամարդկային միտումները եւ վերստին ներշնչեցին արդարութեան մարդկային վեհ արժեհամակարգի վերականգնման յոյսը: Ուրեմն, այս եւս ինչ է, եթէ ոչ պարտութեան յաջորդած յաղթանակ՝ Յաղթանակներու ամիս՝ Մայիսի առաջին օրերուն:

Ի վերջոյ, պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու, մահը կեանքով փոխարինելու սովորութիւնը հայութիւնը իր հետ բերաւ անկախ Հայաստան եւ Արցախ, ուր 1992-ի Մայիս 8-9-ին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի սիրելի Շուշին, երկար տարիներու արհաւիրքը խորտակուեցաւ արեւածագին բերդաքաղաք բարձրացած ֆետայիներու ամէնէն անհաւանական, անսպասելի գործողութեան շնորհիւ եւ ընդամէնը ժամերու ընթացքին հայկական ուժերը փառապանծ յաղթանակով ազատագրեցին Շուշին՝ Արցախի ազատագրական պայքարի յոյսի եւ հպարտութեան խորհրդանիշը: Մայիսեան արեւը վերստին փայլեցաւ Արցախեան հայրենիքի երկնքին՝ աւետեց վերականգնումի, վերածնունդի նոր շրջանի մը սկիզբը: Որպէս վերածնունդի խորհրդանիշ, Մայիսեան այդ օրը կը նշուի նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումի տօնը՝ ամբողջացնելով եռատօնը:

Իսկ այսօր, մինչ հայը կը բոլորէ 2025-ի Մայիս ամիսը, կ’ոգեշնչուի մայիսեան յաղթանակներով, միշտ սրտին մէջ վառ պահելով յոյսը, որ հայուն Մայիսը վերստին ծնի, յաղթանակներու շրջանը վերածնի եւ ջնջէ վերջին տարիներու ցաւը, Մայիսեան նորանոր յաղթանակներ շնորհելով մեր յաւերժական ժողովուրդին ու մայր Հայրենիքին:

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
“ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ” ԱՄՍԱԹԵՐԹ
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment