Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։
ՀՀ կառավարութենէն կը յայտնեն, որ երկուստեք կարեւորուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցումը։
Կողմերը քննարկած են ընթացիկ վիճակը եւ կարեւորած՝ ստորագրման ուղղութեամբ գործընթացին շարունակականութիւնը: