Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Քայա Քալաս Պրիւքսէլի Մէջ Քննարկած Են ՀՀ-ԵՄ Գործընկերութեան Խորացման Հարցով Ձեւաւորուած Հեռանկարները

Միրզոյեան Եւ Քայա Քալաս Պրիւքսէլի Մէջ Քննարկած Են ՀՀ-ԵՄ Գործընկերութեան Խորացման Հարցով Ձեւաւորուած Հեռանկարները

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այց կատարած է նաեւ Պրիւքսէլ:

Նախարար Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման հարցով ձեւաւորուած տեսլականն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ համատեղ աշխատանքները՝ ուղղուած յստակ ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման։

Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան հիմնարար սկզբունքները դրուած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան հիմքին, եւ միասնական ջանքերու շնորհիւ կարելի եղած է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու։ ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ ԵՄ ԱԳԱՔ բարձր ներկայացուցիչը անդրադարձ կատարած են յառաջիկայ բարձրաստիճան շփումներուն եւ անոնց օրակարգային հարցերուն։

Արարատ Միրզոյեան եւ Քայա Քալաս միտքեր փոխանակած են միջազգային ու տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ, եւ ընդգծուած է ներկայիս՝ անորոշութիւններով լի ժամանակաշրջանին մէջ ամուր եւ համախոհ գործընկերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերու ծիրին մէջ շեշտուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի ստորագրման առանցքային նշանակութիւնը։

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment