Home Uncategorized Ընդդիմութիւնն Ու Քոչարեանը Աշխուժացան, Երբ Ուժի Մէջ Մտաւ Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին Օրէնքը. Ռուբինեան

Ընդդիմութիւնն Ու Քոչարեանը Աշխուժացան, Երբ Ուժի Մէջ Մտաւ Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին Օրէնքը. Ռուբինեան

by MassisPost

«Ընդդիմութեան կողմից, այո՛, հնչել են վիրաւորական արտայայտութիւններ, մեր խմբակցութեան կողմից տրուել են քաղաքական պատասխաններ»:

Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով անդրադառնալով Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ այս մասին ըսած է ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ չհամաձայնելով հաղորդավարի դիտարկման, թէ ընդդիմութեան տուած մէկ վիրաւորանքին իրենց խմբակցութիւնը հինգ վիրաւորանքով պատասխանած է:

Ռուբինեանը նշեց՝ ՔՊ խմբակցութեան ոեւէ պատգամաւոր չէ հայհոյած, իսկ ԱԺ այդ նիստը, ի հարկէ, լաւագոյններէն չէր, բայց գոյները խտացնել ալ պէտք չէ:

ԱԺ փոխնախագահը, յիշեցնելով վերջին շրջանին ընդդիմութեան եւ Ռոպերթ Քոչարեանի աշխուժութիւնը, ընդդիմադիր խումբերու կողմէ իշխանափոխութեան տարբեր փորձերն ու յայտարարութիւնները, այդ ամէնը կապեց այն հանգամանքին հետ, որ անոնք սկսած են, երբ ուժի մէջ մտած է ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքը:

«Գրեթէ ամէն օր հրապարակւում են վճիռներ, որոնցով պետական պիւտճէ են վերադարձւում թալանուած գումարները: Մի քանի օր առաջ Գլխաւոր դատախազը եւս մէկ անգամ յիշեցրեց, որ Քոչարեանի ընտանիքից պահանջւում է բռնագանձել անշարժ գոյք, դրամական միջոցներ, ներդրումներ եւ այլն, եւ այսօր իմ գործընկեր Բաբկէն Թունեանը գումարել էր այդ ամէնը եւ հաշուել, որ միայն դրամական միջոցները գերազանցում են 100 միլիոն տոլարը՝ չհաշուած 22 անշարժ գոյքն ու մնացածը: Տրամաբանական կապն ակնյայտ է, եւ սա իրենց խումբի գործելաոճն է»,- նշեց Ռուբինեան՝ յիշեցնելով Կիւմրիի մէջ նաեւ Վարդան Ղուկասեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, ինք կը վերադառնայ քաղաքականութիւն, քանի որ կ’ուզեն բռնագանձել իր ունեցած գոյքն ու միջոցները:

Ռուբինեանի խօսքով՝ Քոչարեանը քաղաքականութեան մէջ է նոյն սկզբունքով՝ իր ունեցած ապօրինի գոյքն ու միջոցները պաշտպանելու համար:

«Այս ամբողջ կրկէսը Ազգային Ժողովում, որ իրենք ստեղծում են, միայն դրա համար է ու նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններում մասնակցութեան համար»,- նշեց Ռուբինեան:

Վերադառնալով Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցածին՝ վերջինս նշեց, որ զաւեշտալի է, երբ դատախազութիւնը մէկը կը մեղադրէ 100 հազար տոլար ու 22 գոյք ապօրինի «տակով ընելու» մէջ, ու վերջինս ԱԺ ամպիոնէն իրենց «դաւաճան եւ փտած» կ’անուանէ:

«Ինքը, բնական է, դրա պատասխանը պէտք է ստանայ ու շատ այլ բաների պատասխան էլ»,- նշած է Ռուբինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment