Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկեան Կողմին Հետ Կը Քննարկուին Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Նպաստող Նախաձեռնութիւններ. ԱԳՆ խօսնակ

Ամերիկեան Կողմին Հետ Կը Քննարկուին Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Նպաստող Նախաձեռնութիւններ. ԱԳՆ խօսնակ

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեան արձագանգած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Սթիվ Ուիթքոֆի վերջին  յայտարարութեան:

«Ամերիկեան կողմի հետ երկխօսութեան շրջանակներում քննարկւում են տարբեր թեմաներ. ինչպէս ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութիւնը, այնպէս էլ տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատմանը նպաստող նախաձեռնութիւնները, ի հարկէ, կարող են նոր հնարաւորութիւններ տալ»,- նշած է ան:

Նշենք՝ Ուիթքոֆ, որ կ’օգնէ խոշոր խաղաղ բանակցութիւններ վարել ամբողջ աշխարհի մէջ, անցեալ շաբաթ Սպիտակ տան մէջ Breitbart News-ին բացառիկ հարցազրոյց տուած է, ուր անդրադարձած է Աբրահամեան համաձայնագրերուն: Ըստ անոր՝ կը սպասուի, որ յառաջիկայ քանի մը ամսուայ ընթացքին Աբրահամեան համաձայնագրերը կ’ընդլայնուին, անոր համար կայ «մեծ ներուժ»։

Լրագրողը յիշեցուցած է, որ Աբրահամեան համաձայնագրերը կը համարուին Թրամփի առաջին պաշտօնավարման դիւանագիտական նուաճումը: Ան յաջողած է տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ պաշտօնապէս կարգաւորել շարք մը արաբական երկիրներու յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։ Այժմ, երբ Թրամփ վերադարձած է ԱՄՆ նախագահի պաշտօնին, ըստ Ուիթքոֆի, վերադարձած է նաեւ «մեծ ներուժը», եւ անոր համոզմամբ՝ շուտով աւելի շատ երկիրներ կրնան միանալ համաձայնագրերուն։

Ուիթքոֆ կանխատեսած է այնպիսի երկիրներու միացումը, ինչպիսիք են Լիբանանը, Սուրիան, Լիպիան: Ան չէ բացառած նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներգրաւումը: Անոր կարծիքով՝ «իրենք շատ-շատ մօտ են այդ երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման՝ վերջնական կարգաւորման»։

«Կը կարծեմ, որ երկու երկիրներն ալ պատրաստ են միանալու Աբրահամեան խաղաղ համաձայնագրերուն»,- ըսած է ան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment