Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Կոչ Կ’ընէ Տեհլիին «Ուշադիր Ըլլալու Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Հարցով»

Պաքուն Կոչ Կ’ընէ Տեհլիին «Ուշադիր Ըլլալու Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Հարցով»

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կոչ կ’ընէ Տելհիին «ուշադիր ըլլալու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հարցով»։ Այսօր նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու փոխնախարար Եալչին Ռաֆիեւը՝ մեկնաբանելով Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ վերջերս ծագած լարուածութիւնն ու Պաքուի անվերապահ աջակցութիւնը Իսլամապատին։

«Փաքիստան-Հնդկաստան հակամարտութեան հարցով Ատրպէյճանի տեսակէտը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի կանոններու վրայ։ Հնդկաստանը եւ այլ երրորդ պետութիւններ պէտք է ուշադիր ըլլան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հարցով, որոնք այժմ փխրուն փուլի մէջ են»,- ըսած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը:

«Մենք կ’ակնկալենք, որ բոլոր պետութիւնները, այդ շարքին՝ Հնդկաստանը, այնպիսի քայլերու չեն դիմէր, որոնք կրնան հարուած հասցնել [հայ-ատրպէյճանական] կարգաւորման գործընթացին», – յայտնած է Ռաֆիեւ:

Երեւանն ու Տելհին բաց կը յայտարարեն, որ 20 թուականի պատերազմէն յետոյ կը համագործակցին պաշտպանական ոլորտին մէջ։

«The Times of India» պարբերականը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, ամիսներ առաջ հաղորդած էր, որ Հայաստանը, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան 2023-2024 ֆինանսական տարուան մէջ դարձած են հնդկական պաշտպանական արտադրանքի մեծագոյն ներկրողները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment