Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութիւնը

Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Պերլին գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հանդիպած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան դաշնային նախարար Պորիս Փիսթորիուսի հետ:

Նախարարները քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Գերմանիա համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները:

«Բարձր ենք գնահատել գործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ այն ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնել», – գրած է Սուրէն Պապիկեան Թելեկրամով:

Պապիկեան եւ Փիսթորիուս անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեանն առնչուող հարցերու:

Սուրէն Պապիկեան մեկնած է Պերլին՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան նախարարական հանդիպման բացման պաշտօնական արարողութեան:

Նախօրէին ան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Թագաւորութեան իր պաշտանակիցին, ապա նաեւ ոչ-պաշտօնական շփումներ Չինաստանի, Ղազախստանի, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին, Գերմանիոյ արտաքին գործերու դաշնային նախարարին հետ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment