Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Կրնան Միանալ Աբրահամի Համաձայնագրերուն». Ուիթքոֆ

«Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Կրնան Միանալ Աբրահամի Համաձայնագրերուն». Ուիթքոֆ

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆ Breitbart News-ի հետ զրոյցին յայտնած է, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը եւս կրնան միանալ Աբրահամի խաղաղութեան համաձայնագրերուն*։

Ըստ Ուիթքոֆի՝ երկիրներուն միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման շատ մօտ են։

«Ես կը կանխատեսեմ, որ շուտով կը տեսնենք Լիբանանի մէջ եւ, նոյնիսկ, Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կարգաւորում։ Անոնց կողմէ դրական արձագանգ եղած է։ Այդ կրնայ տեղի ունենալ նաեւ Լիպիոյ հետ։ Խօսքը Աբրահամի խաղաղութեան համաձայնագրերուն երկիրներու միանալու մասին է։ Այդ կրնայ տեղի ունենալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ, ուր, կը կարծենք, շատ մօտ ենք այդ երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններու վերջնական կարգաւորման։

«Կը կարծեմ՝ երկուքն ալ կրնան միանալ Աբրահամի համաձայնագրերուն: Այնպէս որ, սա հսկայական նախաձեռնութիւն է նախագահին կողմէ։ Ան կը հաւատայ անոր: Այն կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան»,- ըսած է ան։

* «Աբրահամեան համաձայնագրեր» (անգլ.՝ Abraham Accords) անուանումն է դիւանագիտական փաստաթուղթերու, որոնց միջոցով Իսրայէլը 2020 թուականին հաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ շարք մը արաբական երկիրներու հետ՝ յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, հետագային՝ Սուտանի եւ Մարոքի հետ։ Այն կնքուած է Տոնալտ Թրամփի նախագահութեան առաջին ժամկէտին մէջ։ Անով կողմերը կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ, կ’ընդունին իրարու ինքնիշխանութիւնը, կը համաձայնին տնտեսական, արհեստագիտական, գիտական եւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման։ «Աբրահամեան» անունը ընտրուած է ի նշան այն գաղափարին, որ եռակողմ համաձայնագիրը կը միաւորէ աբրահամեան կրօններու՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամի հետեւորդները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment